2015-04-30 08:57:00

Իմփալիացցօ. Հալէպը` քրիստոնեաներու խորհրդանիշը խաղաղութիւն կը խնդրէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սանդ` Էճիտիօ հասարակութեան նախագահ` Տիար Մարքօ Իմփալիացցօ  ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով, արտայայտուելով Պարիի մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին կայացած միջազգային ժողովին  ըսաւ. ''Պարիի հանդիպումը միջ-քրիստոնէական ճշմարիտ վեհաժողով մըն է, որուն կը մասնակցին Միջին Արեւելքի բազմաթիւ պատրիարքներ ու եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութիւնը ներկայացնող բազմաթիւ նախարարներ։ Ժողովին նպատակն է մէկ` Հրաւիրել Արեւմուտքը աւելի զօրակցութիւն ցուցաբերելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։ Երկրորդ` ցոյց տալ իսլամներուն որ այդ հողը քրիստոնեայ հող եղած է եւ քրիստոնեաները տեղացի են եւ ոչ թէ օտարներ եւ երրորդ`  շեշտել որ միջազգային հասարակութիւնը ճշմարտապէս աշխատի խաղաղութիւնը վերահաստատելու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։ Ելոյթին մէջ Իմփալիացցօ յայտնեց ապա թէ Հալէպը` քրիստոնեաներու խորհրդանիշը խաղաղութեան կը կարօտի։








All the contents on this site are copyrighted ©.